2015-04-20 14:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական հեռագիրը` Րաբունապետ Էլիօ Թոաֆին մահուան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ի լուր Հռոմի երբեմնի Րաբունապետ` Էլիօ Թոաֆի մահուան, Ֆրանչիսկոս Պապը ցաւակցական հեռագիր մը ուղղած է Հռոմի Րաբունապետ Րիքքարտօ Տէ Սենիի, որուն մէջ յայտնելով իր բաժնեկցութիւնը, Էլիօ Թոաֆի ընտանեկան պարագաներու ցաւին ու համայն հրեայ հասարակութեան։

Նորին Սրբութիւնը Էլիօ Թոաֆը որակած որպէս երկխօսութեան եւ կաթողիկէներու ու հրեաներու միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններու մարդը որուն շնորհիւ` Յովհաննէս Պօղոս Բ. եղաւ առաջին Քահանայապետը որ այցելեց Հրեաներու Սինակոկը։

''Վերջին տասնամեակներու իտալական քաղաքացիական կեանքի եւ հրեայ պատմութեան դերակատար` Ան գիտցաւ սիրաշահիլ յարգանքն ու գնահատանքը իր բարոյական բարձր հեղինակութեան ու խոր մարդկայնութեան շնորհիւ'', գրած է Ֆրանչիսկոս Պապը իր հեռագիրին մէջ զոր եզրափակած է Բարձրեալին բարձրացնելով աղօթքներ որպէսզի զայն ընդունի իր խաղաղութեան Արքայութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.